Friday 16 05 14 volume # 9 issue # 90

19
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԱՍՄՈՒՆՔՈՂԻՆ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: «Ասմունք» կը նշանակէ գեղարուեստական արտասանութիւն, ուր նուազագոյնի կը հասնին դերասանական արուեստին յատուկ մարմնական շարժումներն ու բեմական տեղափոխութիւնները։ Ուրեմն ասմունքողը դիմախաղերուն եւ շարժումներուն մէջ պէտք է ժլատութիւն ցոյց տայ։ Բանահիւսական շրջանին թէ գրաւոր խօսքի զարգացման դարերուն՝ ասմունքողը պէտք է տիրապետէր խօսքի, բառի, շեշտի, այլ խօաքով առոգանութեան գաղտնիքներուն։ Վերջին վաթսունամեակին հայ ասմունքի վարպետներ էին հայրենի Սուրէն Քոչարեանը, Հրաչուհի Ճինանեանը, Վալոտեա Ապաճեանը, Եուզպաշեանը, լիբանանահայ Խաչիկ Արարատեանը, Յակոբ Օրուայ Յօդուածը Հազարամեակներու խորը կ՚երթան ասմունքի արուեստի արմատները։ Խօսքի ոյժին ազդցութեան հետ ոչ մէկ այլ կատարողական արուեստ կրնայ մրցիլ, մանաւանդ երբ ան կենդանի՝ մարդէ մարդ հաղորդակցութիւն է։ Ասմունքը հիմքն է թատերական ու հռետորական արուեստին։ www.facebook.com/RAGmamoul ՌԱԿ-ի Լուրեր Հայ Ինքնութեան Նուիրուած Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Ձեռնարկը Կլենտէյլի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 6) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան - Լիբանանի Հայ Գաղութը Ինծի Տուաւ Ինքնագիտակցութիւն Ու Ձեւաւորեց Զայն. Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (Տեսնել՝ էջ 9) - Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Վոլքենիք Մեսըզ» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում Լիբանանի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 12) ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Friday 16 05 14 volume # 9 issue # 90

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

ԱՍՄՈՒՆՔՈՂԻՆ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

«Ասմունք» կը նշանակէ գեղարուեստական

արտասանութիւն, ուր նուազագոյնի կը հասնին

դերասանական արուեստին յատուկ մարմնական

շարժումներն ու բեմական տեղափոխութիւնները։

Ուրեմն ասմունքողը դիմախաղերուն եւ

շարժումներուն մէջ պէտք է ժլատութիւն ցոյց տայ։

Բանահիւսական շրջանին թէ գրաւոր խօսքի

զարգացման դարերուն՝ ասմունքողը պէտք է

տիրապետէր խօսքի, բառի, շեշտի, այլ խօաքով

առոգանութեան գաղտնիքներուն։

Վերջին վաթսունամեակին հայ ասմունքի վարպետներ

էին հայրենի Սուրէն Քոչարեանը, Հրաչուհի

Ճինանեանը, Վալոտեա Ապաճեանը, Եուզպաշեանը,

լիբանանահայ Խաչիկ Արարատեանը, Յակոբ

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հազարամեակներու խորը կ՚երթան

ասմունքի արուեստի արմատները։

Խօսքի ոյժին ազդցութեան հետ ոչ

մէկ այլ կատարողական արուեստ

կրնայ մրցիլ, մանաւանդ երբ ան

կենդանի՝ մարդէ մարդ

հաղորդակցութիւն է։ Ասմունքը

հիմքն է թատերական ու

հռետորական արուեստին։

www.facebook.com/RAGmamoul

ՌԱԿ-ի Լուրեր

Հայ Ինքնութեան Նուիրուած Հայ Իրաւանց

Խորհուրդի Ձեռնարկը Կլենտէյլի Մէջ

(Տեսնել՝ էջ 6)

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան - Լիբանանի Հայ Գաղութը Ինծի Տուաւ

Ինքնագիտակցութիւն Ու Ձեւաւորեց Զայն.

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (Տեսնել՝ էջ 9)

- Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Վոլքենիք Մեսըզ»

Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում Լիբանանի

Մէջ

(Տեսնել՝ էջ 12)

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 2

Յակոբ Գույումճեան

ներուն հասցուցած է արեւելահայ եւ յատկապէս արեւմտահայ քերթութեան լաւագոյն նմոյշները։ Յակոբ կը

տարբերէր այլ տաղանդաւոր ասմունքողներէ անով որ ան արեւելահայ բանաստեղծութիւնը կը

ներկայացնէր գրեթէ անթերի արեւելահայ հնչումով, առոգանութեամբ ու հնչեռանգով, բայց արեւմտահայու

մեկնաբանութեամբ, իսկ արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը՝ այնպէս ինչպէս բանաստեղծները պիտի ուզէին

որ մեկնաբանուէր։

Տողերուս հեղինակը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ թաքուն հպարտութեամբ ականատես եւ ականջալուր

Ո՞վ է Յակոբ Գույումճեան՝ երիտասարդի հոգիով իր եօթանասունները

թեւակոխած լիբանանահայ արուեստագէտը։ Ծնած է Լիբանան,

երկրորդական ուսումը ստացած ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան

վարժարանէն ներս հայագէտ ու գրագէտ ուսուցիչներու հոյլի մը շունչին

տակ։ Այս տարիներուն է որ աշակերտ Յակոբ կը սկսի դառնալ մեր

վարժարանի բեմին փնտռուած ասմունքողներէն մին (տողերուս

հեղինակն ալ նոյն վարժարանէն էր)։ Կը մեկնի հայրենիք եւ կը վկայուի

որպէս ճարտարապետ։ Այս շրջանին կը կազմաւորուի ու կ՚ամբողջանայ

Յակոբ Գույումճեանը որպէս ասմունքող։ «Հայաստանի մէջ ասմունքի

վարպետներուն ունկնդրելը, ապա նաեւ անոնց հետ բեմ բարձրանալը

զգալիօրէն բարեփոխեցին ասմունքի հանդէպ վերաբերմունքս,

ընդունակութեանս աճը, նաեւ նուիրումս», կը վկայէ Յակոբ։ 1967- 68-էն

մինչեւ 1971 մաս կազմած է «Հաֆիլհարմոնիա»ի «ՀայՀամերգ»

Գեղարուեստական խումբին, բազմաթիւ ելոյթներ ունենալով հայրենի

անուանի արուեստագէտներու հետ։ Հայաստանի Պետական

Ձայնասփիւռի սփիւռքահայութեան համար տրուող հաղորդումներուն

Յակոբ յաճախ իր առինքնող ասմունքով հայրենածարաւ ունկնդիր-

Կիւլոյեանը, Վարդան Չարըքեանը, Թորոս Սպիտանեանը եւ շատ ուրիշ արուեստագէտներ, որոնց վրայ

հարիւրաւոր աչքեր սեւեռուած կ՚ըլլային եւ ականջներ, որոնք չէին ուզեր բառ մը իսկ փախցնել։ Ասմունքի

վարպետներ եղած են նաեւ հայ բանահիւսութեան «անուս» ասացողները, որոնք դարերով սերունդէ սերունդ

փոխանցած են մեր անգիր արուեստը, հեքիաթները, առածներն ու ասացուածքները, աւանդութիւնները,

ասքերը, առասպէլներն ու «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպը։

Վերջին տասնամեակներուն արուեստի այս ճիւղին մէջ իր ուրոյն դիրքը գրաւեց լիբանանահայ

ճարտարագէտ, բանաստեղծ եւ ասմունքող Յակոբ Գույումճեան։

Որեւէ հանդիսութեան մէջ անոր մասնակցութիւնը շուք ու ծանրութիւն կու տար ձեռնարկին՝

արժանանալով հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն, իսկ իր մենահամերգները՝ խօսքի ու

քերթութեան փառաւոր տօնահանդէսներու կը վերածուէին։ Վերջին քանի մը տարիներուն, որոշ լռութենէ

մը ետք, Յակոբ Գույումճեան կրկին կը բարձրանար բեմ Պէյրութէն Շուշի, Թէհրանէն Երեւան, Նիկոսիայէն

Ամման, Գահիրէէն Հելիոպոլիս, Աթլանթայէն (Ալապամա) Մոնթրէալ ու Թորոնթօ, Գիւմրիէն

Ստեփանակերտ ու Վանաձոր, յիշեցնելով հայ հասարակութեան թէ քերթութեան արուեստը եւ սէրը չի

մեռնիր, իսկ ասմունքը կը մնայ այդ գեղարուեստի ոգեղէն ոլորտը մարդ արարածին սրտին ու հոգիին մէջ

ներարկելու ամենէն վստահելի եւ ազդեցիկ ճամբաներէն մին։

եղած է Յակոբ Գույումճեանի բեմական փայլատակումներուն. հայրենիքի մէջ, որովհետեւ ան սփիւռքահայ

ուսանող մըն էր ինչպէս մենք, սփիւռքի մէջ, որովհետեւ նոյն դպրոցի գիտութեան աղբիւրէն խմած էինք մեր

ջուրը եւ հետագային դարձած էինք բարեկամներ։

Նախախնամութիւն - բնութիւնը ժլատ չէ եղած ասմունքի տաղանդը դնելու բեմական վայելչագեղ հասակի

մը մէջ՝ զայն օժտելով նաեւ բնատուր ու ջինջ ձայնային առանձնայատկութիւններով։ Նոյն յայտագրին մէջ

արտակարգօրէն քնարական բանաստեղծութեան մը մեկնաբանութեան կրնայ յաջորդել բոցաշունչ

քերթուածէ մը պահանջուած նոյքնան բոցաշունչ «Սասունցիների Պարը»։ Խոհական-փիլիսոփայական

Թէքէեանին կը յաջորդէ աշուղներու արքայ Սայեաթ Նովայէն համադրութիւն մը։ Հոս տեղին կը նկատեմ

որպէս վաւերական գնահատութիւն մը մէջբերել լիբանանահայ աննկուն մտաւորական, իրաւաբան

Գասպար Տէրտէրեանի վկայութիւնը, Հոկտեմբեր 2012-ին Պէյրութի «Արարատեան» սրահին մէջ տրուած

ասմունքի երեկոյին առթիւ. «Յակոբ Գույումճեան յաջողեցաւ՝ մենահամերգի ամբողջ տեւողութեան,

ունկնդիրները կլանուած պահել իր արուեստի ովասիսին մէջ, նոյնիսկ նոր սերունդէն անոնք, որոնք

բացատրելի շարք մը պատճառներով չէին կրցած քայլ պահել վարպետի ալեկոծումներու հեւքին հետ,

սակայն հմայուած էին անոր ստեղծած թատերական մթնոլորտի կախարդանքով...»։

Հետեւաբար, եթէ կան այնպիսի նորաբոյս հոսհոսիկներ, որոնք կը կարծեն թէ ասմունքի արուեստը 19-րդ-20-

րդ դարուն կը պատկանի այլեւս, պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց հանճարե՜ղ տեսակէտները եւ

մտածեն ու ծրագրեն վերակենդանացնել արուեստի այս ամենէն հին արտայայտչաձեւերէն մէկը։

Յակոբ Գույումճեանի սէրը բանաստեղծութեան հանդէպ լոկ մեր մեծերու արուեստին մեկնաբանութեան մէջ

չէ սահմանափակուած, այլ գրքոյկով մը տուած է ի՛ր բանաստեղծական աշխարհի ապրումներն ու

թրթռումները։ Թերեւս բանաստեղծի այս իւրայատկութիւնն ալ զինք դարձուցած է խստապահանջ

իւրաքանչիւր բանաստեղծի իւրաքանչիւր բառի մեկնաբանութեան առումով։ Այստեղ հարկ է յիշել որ

զանազան հեղինակներու գործերը ներկայացնելու ժամանակ իր կիրարկած համադրումներու եղանակը, ուր

յաճախ իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն ոչ միայն կը ծաւալի իր բովանդակութեամբ, այլ ձեռք կը բերէ նաեւ

խորքային-իմաստային նոր հարստութիւն, ահա այս համադրումներու կառոյց ստեղծելու իր

նախասիրութեան մէջ կը բացայայտուի նաեւ բանաստեղծի իր տաղանդն ու ներդրումը «պոէմատիպ»

շարան-հիւսուածքի բանաստեղծութիւններու ընտրութեան եւ շարադրման ընթացքին մէջ։ «Երբոր

կ՚ամփոփեմ կամ կը համադրեմ բանաստեղծութիւնները, այդ ասմունքը իմս կ՚ըլլայ, որպէս բանաստեղծ

զանոնք շաղկապելով նոր յղացք մը կը ստեղծեմ», կ՚ըսէ Յ. Գույումճեան։

Այս մասին կը խօսի Շուշիի պետական թատրոնի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Լէոնիտ

Յարութիւնեան երբ կ՚ըսէ. “Արժէ մեկ անգամ եւս շեշտել, որ դրանց համադրումը եւ դրամատուրգիական

կառոյցը ուղղակի կուռ էր, յստակ տրամաբանութեամբ եւ ասելիքի դիպուկ նշանառութեամբ:

Համադրումները հեղինակ-կատարողը արել էր անթերի, ճարտարապետի մտքի թռիչքով, մեզ

ներկայացնելով բանաստեղծական նիւթի այնպիսի կառոյց իր նրբերանգներով, որ անջատ-անջատ, իրար

հետ կապ չունեցող գործերը հնչում էին ամբողջական պոէմի նման: Դրա փայլուն վկայութիւնները Չարենցի

«Լուսամփոփի պէս աղջիկ», Համո Սահեանի փոքրածաւալ գործերից միահիւսուած շարանը, որը

Գույումջեանի իսկ արտայայտութեամբ՝ փոքրիկ մարգարիտներից հիւսուած գեղեցիկ շղթայ էր...Սայաթ-

Նովային նուիրուած Չարենցի ու Սիլվա Կապուտիկեանի միահիւսուած ոտանաւորները:”

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 3

Յակոբ Գույումճեան բանաստեղծ-ասմունքողի այս փոխներգործութիւնը հաստատող խօսքեր են նաեւ

իրարմէ տասնամեակներու հեռաւորութեամբ կրկնուող կարծիքները երկու հեղինակաւոր

մասնագէտներու՝ ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեանի եւ Գիւմրիի պետական թատրոնի բեմադրիչ եւ

Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սիրանոյշ Ղուկասեանի, արտայայտութիւններ, որոնք

ասմունքի ընթացքին ստեղծագործող բանաստեղծի վկայութիւններ ըլլալ կը թուին... «Ահա թէ ինչու նրա

հնչեցրած բանաստեղծութիւնները այնքան ծանօթ ու վաղածանօթ, այդ երեկոյ հնչեցին նորովի,

նախաստեղծ թարմութեամբ, ասես դրանք ոչ թէ մեր իմացած գործերն են, այլ հիւսւում են հենց հիմա, մեր

աչքի առաջ» (Լեւոն Հախվերդեան, 1984), իսկ Ս. Ղուկասեան, 2013-ին կը գրէ. “Իսկ արտիստը «թեթեւօրէն»

եւ չպարտադրելով հնչեցնում էր մեր ազգային պոեզիայի ընտրանին՝ բացառիկ բեմական խօսքով, մաքուր

շնչով, մտերմիկ, ասես հենց նոյն պահին էին ծնւում դրանք, ինքը արտիստն էր արարում»։

Սէրը, հայրենիքը, յոյսը, հիասթափութիւնը, վրէժը, ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնն ու մարտակոչը հին

բայց չհինցող թեմաներ են, պարզապէս ամէն քերթող իր սեփական տաղանդով ու ընկալումով

կ՚արտայայտէ զանոնք։ Այդպէս ալ Գույումճեան, երբ ունկնդիրին կը ներկայացնէ «Ես Իմ Անոյշ

Հայաստանի»ն, Վ. Դաւթեանի «Ռեքվիեմ»ը, Վ. Թէքէեանի «Սիրերգութիւն»ը, Պ. Սեւակի «Եղիցի Լոյս»ը եւ իր

այնքան սիրած Ս. Կապուտիկեանի սիրային քնքոյշ բանաստեղծութիւնները, ան լարուած կը պահէ

ունկնդիրը ամբողջ համերգի ընթացքին։ Ակադեմիկոս, թատերագէտ ու քննադատ Լեւոն Հախվերդեան

հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կու տայ այս առնչութեամբ. «Այստեղ յաջողութեան գաղտնիքը մէկն է՝ լարելու

մէկ ուրիշին, ուրիշներին յուզմունքով համակելու համար դու ինքդ պէտք է ներշնչուես (ընդգծումը մերն է –

Մ.Գ.), այլապէս ինչքան էլ տպաւորիչ լինեն քո տեսքն ու ձայնական տուեալները (որոնցով մեր արտիստն

օժտուած է լիուլի) ներգործութիւն չեն ունենայ»։

Վերջերս թերթատեցի Յակոբ Գույումճեանի մասին Հայաստանի, Արցախի, Թէհրանի, Պէյրութի եւ Ամմանի

հայ մամուլի էջերէն քաղուած տպաւորութիւնները եւ հոգիս լեցուեցաւ հպարտութեամբ, որովհետեւ

ճանչցած եմ արուեստագէտը, անձը, բանաստեղծը, զրուցակիցը, քննադատը եւ... ընտանիքի բարեկամն ու

ամբողջական մտաւորականը։ Ստորեւ կարգ մը վկայութիւններ.

«Երէկ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատում պոեզիայ շունչն էր տիրում՝ ի

շնորհիւ Պէյրութահայ ասմունքող Յակոբ Գույումճեանի»։ Արցախեան մամուլ

«Գույումճեանին յաջողուեց առաջին իսկ բանաստեղծութեամբ դահլիճը դարձնել «իրենը»։ Վաղուց չէինք

առնչուել այսքան գեղեցիկ, առինքնող, ականջ շոյող ներքինը փոթորկող ասմունքի... ասմունքող, որ

պարզապէս «եկաւ, տեսաւ եւ յաղթեց։ Եւ յաղթեց նա դժուարահաճ գիւմրեցի հանդիսատեսին»։ (Սիրանոյշ

Ղուկասեան, «Ազգ» Օրաթերթ, 14 Նոյ. 2013)

«Երկու ժամ տեւեց հրաշալի ասմունքի երեկոն։ Թւում էր, թէ անհնարին կը լինէր համայնքում այդքան

երկար եւ անընդմէջ ունկնդրել ասմունքը, սակայն Իրանահայ Ազգային եւ Մշակութային Միութեան ոչ

այնքան մեծ, բայց լեցուն դահլիճը կլանուած, կարծես շունչը պահած լսում էր մեծ արտիստին՝

մերթընդմերթ երկարատեւ ծափահարութիւններով»։ (Սուսաննա Համբարձումեան, Թէհրան, «Ազգ», 29 Հոկ.

2012)

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 4

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 5

«Իր ելոյթի բոլոր յայտերով ան մեծապէս գոհացուց Երկիր Յորդանանի Գրողներու Միութեան արաբ

հանդիսատեսները, իր արաբերէն լեզուով տուած բացատրութիւններով։ ...Ցանկալի է նաեւ որ Յակոբ

Գույումճեան ասմունքի իր յաճախակի առաքելութեանց ընթացքին ներգրաւէ եւս Յորդանանը, ներշնչելու

եւ ոգեւորելու հայ պատանին եւ երիտասարդը, ինչպէս եւ ասմունքի նոր սերմեր ցանելու մեր դեռատի

զաւակներուն մէջ»։ (Մարալ Ներսէսեան, Ամման, Ռամկավար Մամուլ, 24 Մայիս 2013)

«Երեկոն մի անմոռանալի հրաշք հանդիպում էր մեր գրականութեան հսկաների հետ, որոնք կենդանացել

էին Յակոբ Գույումճեանի կախարդիչ կերպարում։ Սա, իրօք, մի հրաշք, մի կենարար շունչ, մի անմահական

ելոյթ էր այսօրուայ դժուարին եւ օրաւուր դժգունացող գորշ իրականութիւնում։»։ (Արմինէ Ղազարեան,

«Ազգ», 23 Նոյ. 2013)

Մեր մաղթանքն է որ քանի Յակոբ Գույումճեան վերադարձած է ասմունքի իր սիրած աշխարհը, իր կեանքի

աշնան ունենայ բոցավառ փայլատակումներ՝ որպէսզի ոչ միայն մեզի պարգեւէ քերթութեան

կախարդական աշխարհի վայելքները, այլեւ նոր սերունդին ցոյց տայ թէ գեղարուեստական խօսքը,

բանաստեղծական հրայրքը կեանքը կը գեղեցկացնեն եւ զիրենք դուրս կը հանեն անգոյն, անկիրք, գորշ,

միօրինակ ու թուային (digital) ելեկտրոնային սարքերու գերութենէն։

Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 6

Կլենտէյլ, ԱՄՆ

ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

ՁԵՌՆԱՐԿԸ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՄԷՋ

ՌԱԿ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդը, միջոցառում մը կազմակերպած էր՝ «Հայ ինքնութեան ճանաչումը որպէս

քաղաքական ռազմավարութիւն» նիւթով. ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ,

Ապրիլ 27-ի երեկոյեան, եւ կազմակերպուած էր «Ծանիր Զքեզ» շարժումին գործակցութեամբ։

Սրահը լեցուած էր հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներով եւ մշակութասէր հասարակութեամբ, որոնք

ծանօթացան Հայկական լեռնաշխարհին մէջ հայկական ինքնութեան առնչուող նորագոյն փաստերուն:

Օրուան գլխաւոր բանախօսներն էին պատմաբան Գէորգ Նազարեան, գորգագէտ Հրաչ Կէօզիւպէյուքեան եւ

հոգեբան դոկտ. Վահան Սէթեան: Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Մինաս Գոճայեան:

Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան՝ Հայ իրաւանց խորհուրդի տնօրէնը, բացումը կատարեց օրուան հանդիսութեան եւ

ներկայացուց խորհուրդին գործունէութիւնները, որոնք Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ կը միտին

հայ ազգի ինքնաճանաչումը եւ ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը հզօրացնել: Ան շեշտեց հայ

ազգի հազարամեակներու մշակոյթի հարստութիւնը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը:

ՌԱԿ-ի Լուրեր

պատմաբան Գէորգ Նազարեան ներկայացուց

հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրելու ջանքերը,

որոնք անխոնջ ընթացքով կը տարուին Միացեալ

Նահանգներու ուսումնական ամպիոններէն ներս՝

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն

կողմէ: Նազարեան ըսաւ, թէ անոնք չեն

բաւարարուիր քանդելով հայկական մշակութային

եւ եկեղեցական կոթողները, այլեւ կը

հրատարակեն կեղծուած ուսումնասիրութիւններ՝

իւրացնել փորձելով հայկական պատմական

հնութիւնները: Նազարեան սահիկներով

ներկայացուց ներկայ Հայաստանի եւ Եդեսիա

(Ուրֆա) քաղաքի մօտակայ բլուրին վրայ տեղի

ունեցած հնագիտական պեղումները, որոնք կը

կատարուին գերմանական հնագիտական

հիմնարկի մը կողմէ։ Հոն գտնուած են հսկայական

փաստագրական նորութիւններ այն մասին, թէ

այնտեղ ապրած են ուրարտացիները, որոնք եղած

են հայ ազգի նախահայրերը:

Յաջորդ բանախօսն էր Հրաչ Կէօզիւպէյուքեան, որ

մասնագիտացած է հայկական գորգերու

արուեստին մէջ։ Ան անդրադարձաւ դարերու

ընթացքին հայ նախնիներուն գործածած

հիւսուածեղէններուն եւ անոնց համար

գործածուած նիւթերուն, սկսելով բոյսերէն եւ

մետաղներէն ու հասնելով մինչեւ բուրդերու

տեսակները եւ արդիական հիւսուածեղէններու

ժամանակաշրջանը: Ան յատկապէս նշեց, թէ

աշխարհի վրայ առաջին անգամ հայ ժողովուրդն

է, որ գործածած է կարմիր գոյնի այն երանգները,

որոնք կը ստացուէին «որթան» կոչուած միջատէն:

Այդ գոյնը մեծածաւալ կերպով գործածուած էր

հայկական նշանաւոր գորգերուն եւ

հիւսուածեղէնին մէջ:

Երրորդ բանախօսն էր հոգեբան դոկտ. Վահան

Սէթեան, որուն ներկայացումը կեդրոնացաւ հայ

գիրերու ծնունդին վրայ, նախնադարեան

քարանձաւային ժամանակաշրջաններէն սկսեալ

մինչեւ այն ատեն, երբ հայ ազգը ունէր բարձր

քաղաքակրթութիւն եւ հաղորդակցութեան լեզու։

Ան սահիկներով ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի

նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններուն

գործածուած տառերը, որոնք երկար տարիներէ ի

վեր եւ մանաւանդ վերջին պեղումներուն

ընթացքին յայտնաբերուած են Հայկական

բարձրաւանդակին մէջ։ Ան նշեց նաեւ տարբեր

լեզուներու մէջ գործածութիւնը կարգ մը հայերէն

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 7

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

քարանձաւային ժամանակաշրջաններէն սկսեալ մինչեւ այն ատեն, երբ հայ ազգը ունէր բարձր

քաղաքակրթութիւն եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ան սահիկներով ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի

նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններուն գործածուած տառերը, որոնք երկար տարիներէ ի

վեր եւ մանաւանդ վերջին պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են Հայկական

բարձրաւանդակին մէջ։ Ան նշեց նաեւ տարբեր լեզուներու մէջ գործածութիւնը կարգ մը հայերէն

բառերու, որոնք հաւանաբար փոխ առնուած են հայերէն լեզուէն, նկատի ունենալով հայ լեզուին

դարաւոր գոյութիւնը եւ անոր տարածումը: Դոկտ. Սէթեան նշեց, թէ Մեսրոպեան տառերով,

Մեսրոպ Մաշտոց ջանացած է վերականգնել նախաքրիստոնէական հայկական տառերը՝

քրիստոնէական նոր եւ միատեղ շաղախով, որովհետեւ Արշակունեաց թագաւորութենէն ետք,

հեթանոսական մշակոյթը, գրականութիւնն ու պատմութիւնը ոչնչացուած էին քրիստոնէական

շրջանին:

Բանախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին մը, երբ բանախօսները

պատասխաններով գոհացուցին ներկաները:

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 8

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Պէյրութ, Լիբանան

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ԻՆԾԻ ՏՈՒԱՒ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐԵՑ ԶԱՅՆ. ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան

Կեդրոնին, Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական բացումը

կատարուեցաւ «Լիբանանի հայերը» (Բ.) նիւթով գիտաժողովին:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Ներկայութեամբ պետական, քաղաքական, ակադեմական, միութենական

անձնաւորութիւններու եւ երիտասարդ համալսարանականներու կայացած

այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկական սփիւռքի

ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ

անդրադարձաւ գիտաժողովի ընդհանուր նիւթին` Լիբանանի հայերը`

նշելով, որ ասիկա այս ծիրին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներու

շարքին երկրորդն է: Դոկտ. Տագէսեան դիտել տուաւ, որ Հայկական սփիւռքի

ուսումնասիրութեան կեդրոնի առաքելութեան գլխաւոր նպատակներէն է

պրպտել ու պարզել Լիբանանի հայութեան ապրած դառն ու խանդ օրերու

յուշերն ու նախորդներու կտակած աւանդին իմաստը:

Այս առիթով նաեւ իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Հայկազեան

համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բարձր

գնահատեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի դերը`

յայտնաբերելու եւ հանրութեան ներկայացնելու լիբանանահայութեան

կենսական դերը Լիբանանի ու առհասարակ սփիւռքի մէջ:

Հայկազեանի նախագահը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերը

Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, սփիւռքահայութեան ու առհասարակ

հայութեան յետեղեռնեան պատմութեան կերտումին մէջ:

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Դոկտ. Տագէսեան շնորհակալութիւն

յայտնեց օրուան հիւր բանախօս փրոֆ.

Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին եւ ներկայացուց

անոր կենսագրականն ու գործերը եւ

իրագործումները:

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 9

Լուրեր Սփիւռքէն

սորվելու, խորապէս կ՛ազդուի Պէյրութի հայաբնակ թաղերու իր տպաւորութենէն, հայախօս փոքրիկ

աղջնակներէն, երբ Ամերիկայի մէջ հայկական ոչ մէկ դպրոց կար, իսկ հայախօս` հազուադէպօրէն:

Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 10

Ապա խօսք առաւ ամերիկահայ պատմագէտ, ակադեմական փրոֆ. դոկտ.

Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ նախ հայերէնով, ապա անգլերէնով յիշեց եւ

յիշեցուց լիբանանահայութեան, յատկապէս Պէյրութի հայերու 1950-ական

թուականներու երանելի օրերը: «Ես հոս շատ անյարմար կը զգամ

ինքզինքս, քանի մասնագէտ չեմ այս գաղութի պատմութեան, սակայն այս

գաղութը ինծի տուաւ ինքնագիտակցութիւն, ձեւաւորեց

ինքնագիտակցութիւնս», ընդգծեց փրոֆ. Յովհաննէսեան:

Ապա ան սահիկներու օգնութեամբ ցոյց տուաւ բոլոր այն վայրերն ու

կեդրոնները, ուր ան գտնուած էր իր Լիբանան կեցութեան ընթացքին:

Ան խօսեցաւ իր մանկութեան, պատանեկութեան ու առհասարակ իր

կազմաւորման գլխաւոր հանգրուաններուն եւ յատկապէս իր կեանքին

վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած Սիմոն Վրացեանին մասին:

Ծագումով խարբերդցի, ամերիկածին փրոֆ. Յովհաննէսեան, Եղեռնէն

ճողոպրած իր հօր յիշատակը յարգելով հանդերձ հայերէն չէր գիտեր: Ու

երբ ան Վրացեանի թելադրանքին անսալով Պէյրութ կը ժամանէ հայերէն

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Մերթ հայերէնով, մերթ անգլերէնով իր ցուցադրած սահիկներու պատկերները բացատրելով, ան վերյիշեց

1950-ական թուականները` ներկաները փոխադրելով լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման ամէնէն

փայլուն հանգրուանի օրերու մթնոլորտը: Ան յիշեց օրինակ Լիբանանի կրօնական ու մշակութային

կեանքին մէջ շահեկան ներդրում ունեցած Զմմառու վանքը: Ցոյց տուաւ զանազան դէմքեր ու պատկերներ`

Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայաշունչ պարտէզէն, աւարտական հանդէսէն, տնօրէն

Վրացեանի, տիկին Գոհարի, Մուշեղ Իշխանի, անգլերէնի դասատու «Սըր»-ի եւ շատ ու շատ դէմքեր: Ան

նաեւ ցոյց տուաւ պատկերներ` Պոլոնիայէն, Անթիլիասի նարնջենիներէն, Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ

պատրիարքարանէն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիներէն եւ այլն:

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 11

Երեքշաբթի, 13 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին,

Պալամանտ համալսարանի «Զախեմ» շէնքին մէջ

կատարուեցաւ բացումը Րաֆֆի Թոքաթլեանի

«Վոլքենիք Մեսըզ» խորագիրով ցուցահանդէսին`

ներկայութեամբ համալսարանի ուսանողներու եւ

արուեստասէր հասարակութեան: Այս մասին կը

հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:

Ինչպէս միշտ, Թոքաթլեանի գործերը իւրայատուկ

էին. զօրաւոր երեւակայութեան եւ խորունկ

փիլիսոփայութեան ծնունդ, ուր կը միանան

ստեղծագործութիւնը, դիցաբանութիւնը, ներկան եւ

ապագայի յոյսերը:

Ցուցահանդէսին իր տիրական տեղը ունէր

«Վոլքենիք Մեսըզ» գործը, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ

ինսթըլէյշընը, ուր անորոշ ուղղութիւններով նայող

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 90 էջ 12

Պէյրութ, Լիբանան

ՐԱՖՖԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ «ՎՈԼՔԵՆԻՔ ՄԵՍԸԶ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Րաֆֆի Թոքաթլեան

խումբ մը փոքրիկ մարդիկ, իրենց շուքով մեզի կը յուշէին լոյսի գոյութեան մասին, որուն փնտռտուքին

պէտք է ձգտինք բոլորս:

Ցուցասրահի պատերուն վրայ ցուցադրուած էին նաեւ Թոքաթլեանի քանդակներէն:

Րաֆֆի Թոքաթլեանի ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 23 Մայիս 2014:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]