Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

17
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆՆ ԱԼ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Բայց երբ գոյժը արդէն դարձած է իրականութիւն, զարմանալի ցաւի մը զգացումը կը պատէ մեր հոգին: Կը նշանակէ, թէ այդ շնչող, աշխարհով մէկ շրջող, որ կեանքի հոսող շարժումները կը վերածէր լուսանկարներու եւ մերթ արուեստի գործերու, ա՛լ տեսնել կարելի պիտի չըլլայ: Ահա այդ զգացումը ապրեցայ, երբ քաղաքիս ՙԶարթօնք՚ օրաթերթին մէջ կարդացի մեկնումի գոյժը Հերրի Գունտաքճեանին: Միջազգային կարգի մամուլի լուսանկարիչ Հերրի Գունտաքճեանի հետ մեր կապը կը սկսէր 1943-ին, երբ մենք դասընկերներ էինք Հալէպի Ամերիկեան գոլէճին մէջ: Օրուայ Յօդուածը Ամէն անգամ հեռուէն ու մօտէն երբ Հայ մամուլը մեզի կը յայտնէ մեկնումի մը, անդարձ մեկնումի, երբ այդ մէկուն հետ մեր կապուածութիւնը կ' ընդգրկէ տաս- նամեակներու կեանք, առաջին զգացումը զոր կ' ունենանք տուեալ լուրին չհաւատալն է: www.facebook.com/RAGmamoul ՌԱԿ-ի Լուրեր - Ցաւակցագիր Արթօ Տէյիրմէնճեանի Ընտանիքի Անդամներուն (Տեսնել՝ էջ 4) - Ցաւակցագիր Երուանդ Ակիշեանի Ընտանիքի Անդամներուն (Տեսնել՝ էջ 5) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց Երեւանի Պետական Համալսարանէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան (Տեսնել՝ էջ 6) - Հայ. Աւետ. Գոլէճի Աշակերտներու Յաջողութիւնը ՙՀայրենիք, Քեզ Այսպիսին եմ Տեսնում՚ Գծանկարներու Մրցանքին (Տեսնել՝ էջ 8 ) -

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Page 1: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԵՐՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆՆ

ԱԼ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Բայց երբ գոյժը արդէն դարձած է իրականութիւն,

զարմանալի ցաւի մը զգացումը կը պատէ մեր հոգին:

Կը նշանակէ, թէ այդ շնչող, աշխարհով մէկ շրջող, որ

կեանքի հոսող շարժումները կը վերածէր

լուսանկարներու եւ մերթ արուեստի գործերու, ա՛լ

տեսնել կարելի պիտի չըլլայ:

Ահա այդ զգացումը ապրեցայ, երբ քաղաքիս ՙԶարթօնք՚

օրաթերթին մէջ կարդացի մեկնումի գոյժը Հերրի

Գունտաքճեանին:

Միջազգային կարգի մամուլի լուսանկարիչ Հերրի

Գունտաքճեանի հետ մեր կապը կը սկսէր 1943-ին, երբ

մենք դասընկերներ էինք Հալէպի Ամերիկեան գոլէճին

մէջ:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Ամէն անգամ հեռուէն ու մօտէն

երբ Հայ մամուլը մեզի կը յայտնէ

մեկնումի մը, անդարձ մեկնումի,

երբ այդ մէկուն հետ մեր

կապուածութիւնը կ'ընդգրկէ տաս-

նամեակներու կեանք, առաջին

զգացումը զոր կ'ունենանք տուեալ

լուրին չհաւատալն է:

www.facebook.com/RAGmamoul

ՌԱԿ-ի Լուրեր

- Ցաւակցագիր Արթօ Տէյիրմէնճեանի

Ընտանիքի Անդամներուն (Տեսնել՝ էջ 4)

- Ցաւակցագիր Երուանդ Ակիշեանի

Ընտանիքի Անդամներուն (Տեսնել՝ էջ 5)

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

- Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ

Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց

Երեւանի Պետական Համալսարանէն

Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան (Տեսնել՝ էջ 6)

- Հայ. Աւետ. Գոլէճի Աշակերտներու

Յաջողութիւնը ՙՀայրենիք, Քեզ Այսպիսին

եմ Տեսնում՚ Գծանկարներու Մրցանքին

(Տեսնել՝ էջ 8 )

-

Page 2: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 2

Հերրի Գունտաքճեան

Պէյրութը եռուն կեանքով կ'ապրէր, ու այդ կեանքին ալիքները

պէտք էր փոխանցուէր ժողովուրդին ̔Լօրիան՚ թերթին միջոցաւ:

Բայց Հայ Աւետարանական յայտնի ընտանիքի զաւակ Հերրի

Գունտաքճեանին համար Լիբանանը փոքր էր:

Հերրին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ ու դարձաւ թղթակից

լուսանկարիչը ՙէսոշիէյթըտ Փրէս՚ լրատուական

գործակալութեան, որպէսզի կարենար լուսանկարներ հասցնել

Միջին Արեւելքի, հիւսիսային եւ արեւելեան Ափրիկէի եռեւեփող

կեանքին շուրջ:

Անշուշտ Հերրին մարաթոնեան վազքին ընթացքին չէր մոռնար

հայ մամուլը:

Այդ օրերուն մեր կապը սկիզբը նամակներով եւ ապա միայն

հեռախօսով կ'ըլլար: Մենք հեռակայ կապի մէջ կ'ըլլայինք:

Մեր բարեկամութիւնը ամրապնդուեցաւ Պէյրութի մէջ 1950 թուականին, երբ դարձանք գործակիցներ

քաղաքիս ֆրանսական ̔Լօրիան՚ օրաթերթին համար` մամուլի լուսանկարիչներ:

Այդ մեծ լրագրող Ալֆրէտ Նագգաշի օրերուն էր:

Մէկը խեղդամա՞հ կ'ըլլար Միջերկրականի մէջ, պիտի փութայինք լուսանկարել այս թերթին համար:

Երկրաշարժ մը կը ցնցէ՞ր Պէյրութը, պէտք էր նկարէինք խուճապահար ժողովուրդը:

Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Քրիշնա Մենոնը Պէյրութի օդանաւակայան կը ժամանէր կէս

գիշերին, վազք մը մեզ հոն կը հասցնէր, որպէսզի յարգելի հիւրին լուսանկարը առաջինը ՙԼօրիան՚ թերթը

ունենար...:

Նախագահական պալատին մէջ` Շամունի օրերուն, խրախճանք մը կար, հոն կ'ըլլայինք:

Նախարար Սէմի Սոլհին մէկ լուսանկարին պէտք ունէր թերթը, մենք ահա անոր տան մէջ կ'ըլլայինք երբ

ենթական գիշերանոցով կ'ըլլար եւ այդ վիճակին մէջ երբ ջրխկար մեր ֆօթօ գործիքը, Սէմի Սոլհ կը խնդրէր

որ չեղեալ նկատէինք այդ լուսանկարը` ի սէր Գրիգոր Զոհրապին, որուն դասընկերը եղած էր լիբանանցի

նախարարը` Պոլսոյ իրաւագիտական համալսարանին մէջ: Կը վերանկարէինք զինք հագուստով:

Թաթուլ Ալթունեանի հայրենական երգի-պարի համոյթը կը թնդացնէ՞ր Պէյրութը, հոն կ'ըլլայինք:

Ֆրանսագիր հայ վիպասան` Վահէ Քաչա այցելութիւն մը կու տար ՙԼօրիան՚ օրաթերթին, իր լոյսին եկած

առաջին վէպով` ՙԼէ Մէկօ Տիւ Տիմանշ՚: Գիրքի կողքի նկարին քովն ի վեր վիպագիրին լուսանկարը պէտք էր

երեւնար այս շատ ընթերցուող օրաթերթին մէջ:

Page 3: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Կեանքով լեցուն այս տղան կրնա՞ր չմեկնիլ Հայաստան, երբ 1988-ին համայնակուլ երկրաշարժ մը ցնցեց

մեր երկրին հիւսիսային ամբողջ շրջանը, սկսելով Կիւմրի քաղաքէն, գետնամոյն դարձնելով Սպիտակ

քաղաքն ու բազում գիւղեր...:

Հոն էր Հերրին թաց աչքերով, բայց դժոխային տեսարաններուն համար ֆօթօ գործիքի բաց աչքերով:

Պէյրութի մէջ ցուցահանդէսներով եւս հանդէս եկաւ Հերրի Գունտաքճեանը, ամէնուր խանդավառութիւն

տարածելով:

Նիւ Եորքի մէջ, 21 Ապրիլ 2014 թուականին կը դադրի բաբախելէ Հերրի Գունտաքճեանին սիրտը, երբ

աշխարհով մէկ հայութիւնը կը պատրաստուէր նշելու հայոց վրայ գործուած Ցեղասպանութեան 99-րդ

տարելիցը:

Մեր ետին մնացին կեանքով ու յուշերով լեցուն 70 տարիներ...:

Ցաւակցութիւններս իր ընտանիքին եւ զինք մօտէն ճանչցողներուն:

Պէյրութ, Լիբանան

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 3

Page 4: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 4

ՌԱԿ-ի Լուրեր

Page 5: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 5

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Page 6: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Պէյրութ, Լիբանան

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ

ԴՈԿՏ. ՄՀԵՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը,

երեքշաբթի 6 մայիս 2014 երեկոյեան ժամը 6-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց

Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութեան ինստիտուտի փոխ տնօրէն՝ դոկտ.

Մհեր Յովհաննիսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին Հ.Հ. դեսպանութեան Ա. քարտուղար՝ պր. Վարդան

Ադամեան, հայ կաթողիկէ դպրոցներու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ.

Եղիայեան, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, հայ կաթողիկէ

Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ պր. Կրէկուար Գալուստ եւ Մեսրոպեան վարժարանի

արտադասարանային ծրագիրներու եւ հայագիտական բաժնի պատասխանատու՝ պր. Ռաֆֆի Տէմիրճեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հայ կրթական համակարգերուն

մէջ հայագիտական նիւթերու առաջատար իրականացման եւ ընդլայնման ծրագրին, ի մասնաւորի հայոց

Լուրեր Սփիւռքէն

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 6

Page 7: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

պատմութեան դասաւանդման մեթոտաբանութեան հետ կապուած հարցերը, համապատասխան

պատմութեան դասագիրքի եւ յառաջիկային այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:

Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան Լիբանան ժամանած է Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հրաւէրով

Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Մեսրոպեանի միջեւ համագործակցութեան պայմանագիր մը

կնքելու: Հարկ է յիշել նաեւ, որ դոկտ. Մհեր Յովհաննէսեանը սկիզբ տուած է www.armin.am կայքին, ինչպէս

նաեւ հիմնադիրն է եւ ռահվիրան Հ.Հ. Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտական

հետազօտութիւններու ցեղասպանագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրին:

Հանդիպումի աւարտին Հոգեւոր Տէրը ջերմօրէն ողջունեց եւ բարձր գնահատեց կրթութեան բնագաւառին

մէջ Երեւանի Պետական համալսարանին եւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին միջեւ

կրթական համագործակցութիւնը, մաղթելով որ սփիւռքի բոլոր հայկական կրթական հաստատութիւնները

հետեւին այս օրինակին:

Նշենք թէ, Մհեր Յովհաննիսեան Լիբանան ժամանած էր Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հրաւէրով

Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Մեսրոպեանի միջեւ համագործակցութեան պայմանագիր մը

կնքելու: Հարկ է յիշել նաեւ, որ դոկտ. Մհեր Յովհաննէսեանը սկիզբ տուած է www.armin.am կայքին,

ինչպէս նաեւ հիմնադիրն է եւ ռահվիրան Հ.Հ. Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտական

հետազօտութիւններու ցեղասպանագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրին:

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 7

Page 8: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 8

Պէյրութ, Լիբանան

ՀԱՅ. ԱՒԵՏ. ԳՈԼԷՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՙՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՔԵԶ ԱՅՍՊԻՍԻՆ ԵՄ ՏԵՍՆՈՒՄ՚

ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

7 Մայիս 2014-ին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ

մրցանակաբաշխութիւնը` Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Համաշխարհային Հայկական

Քոնկրեսի նկարչական Մրցանքին:

ՙՀայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար՚ մրցանքի ծիրէն ներս ՙՀայրենիք, Քեզ

Այսպիսին Եմ Տեսնում՚ գծանկարներու մրցանքին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի տասը

աշակերտներ յատուկ վկայականներու եւ նիւթական պարգեւներու տիրացան:

Հանդիսութեան բացման եւ բարիգալուստի խօսքը կատարեց Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը,

ապա հրաւիրեց Հայ Աւետ. Գոլէճի (Հ.Ա.Գ) տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը խօսք առնելու: Ան շեշտեց

Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մշակութային կապերու կարեւորութիւնը եւ նշեց, թէ իբր դպրոց Հայ

Աւետ. Գոլէճը մնայուն կապի եւ գործակցութեան մէջ է Հայաստանի Սփիւռքի եւ Կրթութեան ու

Գիտութեան նախարարութիւններուն հետ: Ան աւելցուց, որ դպրոցի գեղարուեստից դասատու Պրն.

Վազգէն Մուղալեանի քաջալերանքով, աշակերտներ 2013-ին մասնակցած էին նկարչական մրցումին եւ

ահա մրցանակի կը տիրանան:

Page 9: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 86 էջ 9

Ապա խօսք առաւ դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ գնահատեց դպրոցին կապերը Մայր Հայրենիքին հետ,

յետոյ մէկ առ մէկ հրաւիրեց հետեւեալ մրցանակաւորները ստանալու յատուկ վկայականը, ուր գրուած

էր ՙՀայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար՚ համահայկական ամէնամեայ

մրցանակաբաշխութիւն ՙՀայրենիք, Քեզ Այսպիսին Եմ Տեսնում՚ (նկարների) անուանակարգում

մրցանակի արժանանալու համար՚, ստորագրուած Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի եւ

Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսի նախագահ Արա Աբրահամեանի կողմէ:

Առաջին կարգի մրցանակ` Շուշան Քէշիշեան, որ կը ստանայ 150 000 դրամ պարգեւ:

Երկրորդ կարգի մրցանակ` Փոլ Շահինեան (100,000 դրամ պարգեւ):

Երկրորդ կարգի մրցանակ` Մանուէլ Ալաճաճեան (100,000 դրամ պարգեւ):

Երրորդ կարգի մրցանակակիրներ Սամուէլ Հալաճեան, Լիլիթ Գույումճեան, Կրէյս Մաամարպաշի,

Սանտրա Պասէթ, Կարէն Գազանճեան, Քրիսթ Քիրէճեան եւ Կարին Տէմիրճեան (50,000 ական դրամ

պարգեւ):

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան մրցանակաւորները եւ իրենց ծնողները շնորհաւորելէ ետք, իր խօսքին մէջ

գնահատեց բազմավաստակ տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը եւ վերջերս անոր պարգեւատրումը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ:

Ձեռնարկի աւարտին Հայաստանի դեսպանը, դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան

Ադամեանը, Հ.Ա.Գ-ի տնօրէնը եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկ. Ռուպինա Արթինեանը,

մրցանակաւորները, անոնց ուսուցիչները եւ ծնողները յիշատակի հաւաքական նկար մը առնելէ յետոյ

բաժնուեցան:

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Page 10: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 11: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 12: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

Տոմսերը ստանալու համար դիմել վարժարանիս քարտուղարութեան:

Page 13: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86
Page 14: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86
Page 15: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86
Page 16: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86
Page 17: Monday, 12 05 14, volume # 9 issue # 86

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]