Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

10
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Խունկի, Աղօթքի Եւ Պահանջատիրութեան Ուխտի Օր ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Մեր ժողովուրդի աւելի քան երեքհազարամեայ պատմութեան ամէնէն արիւնաթաթախ ու աղիտալի իրադարձութիւնն է այս, որուն հրալեզու, վշտառատ տարեգրութիւնը յարաճուն կերպով կը փոթորկէ ու պիտի փոթորկէ մեր բոլորին միտքերն ու հոգիները: Մենք երբեւէ չենք կրնար մոռնալ, իրաւունքն իսկ չունինք մոռնալու մեր բիւրաւոր անմեղ նահատակները, որոնք կոտորելու համար կիրարկուած արնախում գազանութեան միջոցները մարդկային բանականութեան ու խիղճին բացարձակապէս անյարիր եւ անմատչելի ոճրագործութիւններ էին, Իննսունինը տարի առաջ, 1915-ի Ապրիլ 24-ի չարաբաստ առաւօտէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ, մինչեւ այդ, մարդկային պատմութեան մէջ աննախադէպ եւ աննախընթաց, խելագարօրէն կատաղի կիրքով եւ վայրագ մոլեգնութեամբ կիրարկուած, թուրք ջարդարարներուն կանխածրագրած, ճիւաղային ցեղասպանութեան: Բարբարոսութեան գերաստիճան ժայթքումով արտայատուած անագորոյն այդ ծրագիրը կը հետապնդէր մէկ եւ միակ նպատակ. հայ ժողովուրդի բնաջնջումով ամբողջութեամբ հայաթափել Արեւմտահայաստանը, որպէսզի արմատապէս եւ մէկ անգամ ընդմիշտ լուծուած ըլլար թրքական պետութեան եւ անոր ղեկավարներուն համար մղձաւանջի վերածուած «Էրմէնի մէսէլէսի»-ն:

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

Page 1: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խունկի, Աղօթքի Եւ

Պահանջատիրութեան Ուխտի Օր

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Մեր ժողովուրդի աւելի քան երեքհազարամեայ պատմութեան ամէնէն արիւնաթաթախ ու

աղիտալի իրադարձութիւնն է այս, որուն հրալեզու, վշտառատ տարեգրութիւնը յարաճուն

կերպով կը փոթորկէ ու պիտի փոթորկէ մեր բոլորին միտքերն ու հոգիները: Մենք երբեւէ չենք

կրնար մոռնալ, իրաւունքն իսկ չունինք մոռնալու մեր բիւրաւոր անմեղ նահատակները, որոնք

կոտորելու համար կիրարկուած արնախում գազանութեան միջոցները մարդկային

բանականութեան ու խիղճին բացարձակապէս անյարիր եւ անմատչելի ոճրագործութիւններ էին,

Իննսունինը տարի առաջ, 1915-ի Ապրիլ 24-ի չարաբաստ

առաւօտէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ, մինչեւ այդ,

մարդկային պատմութեան մէջ աննախադէպ եւ աննախընթաց,

խելագարօրէն կատաղի կիրքով եւ վայրագ մոլեգնութեամբ

կիրարկուած, թուրք ջարդարարներուն կանխածրագրած,

ճիւաղային ցեղասպանութեան: Բարբարոսութեան գերաստիճան

ժայթքումով արտայատուած անագորոյն այդ ծրագիրը կը

հետապնդէր մէկ եւ միակ նպատակ. հայ ժողովուրդի

բնաջնջումով ամբողջութեամբ հայաթափել

Արեւմտահայաստանը, որպէսզի արմատապէս եւ մէկ անգամ

ընդմիշտ լուծուած ըլլար թրքական պետութեան եւ անոր

ղեկավարներուն համար մղձաւանջի վերածուած «Էրմէնի

մէսէլէսի»-ն:

Page 2: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Իսկ եղեռնի գեհէնէն հրաշքով ճողոպրած խլեակները մեր ժողովուրդին, փողոտուած եւ

անօթեւան որբեր, ծովացող արցունքով որդեկորոյս մայրեր, լլկուած հոգիներ, յուսաթափած,

հայրենազուրկ եւ տարահալած, գաղթականացան օտար ափերու վրայ, տարիներ շարունակ

տառապելով նաեւ վտարանդիի հոգեբանական բարդոյթով:

Անհաշիւ էին նաեւ թալանն ու կողոպուտը: Օսմանեան պետութիւնն ու խուժանը մեզմէ խլեցին,

յափշտակեցին եւ իւրացուցին աստղաբաշխական թուանշաններու արժողութեամբ մեր

կալուածները, տուները, ինչքերն ու դրամական հարստութիւնները: Մեր ժողովուրդին ճակտի

դարաւոր ու արդար քրտինքին արդիւնքը բռնագրաւուեցաւ եւ սեփականացուեցաւ թուրք

ջարդարարներուն կողմէ:

զորս անասնային սառնասրտութեամբ ծրագրեցին ու գործադրեցին «ազատութեան,

հաւասարութեան, եղբայրութեան» նշանաբաններով իշխանութեան տիրացած իթթիհատական

ցեղասպանները:

Թալաաթ, Էնվէր, Շաքիր, Նազըմ եւ միւս գազանները տանջամահ սպաննեցին շուրջ մէկ ու կէս

միլիոն հայ մարդիկ, կիներ, ծերեր եւ երեխաներ: Խլեցին ու թրքացուցին տասնեակ հազարաւոր

հայ մանուկներ ու պատանիներ: Առաւել եւս գազանաբարոյ եւ հրէշային վերաբերում

ցուցաբերեցին բազմահազար հայ աղջիկներու եւ կիներու նկատմամբ, զանոնք ստորնագոյն

վատաբարոյութեամբ առեւանգելով, գերեվարելով, վաճառելով, բռնաբարելով, անարգելով եւ

սեփականացնելով:

Page 3: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 3

www.facebook.com/RAGmamoul

Կայ, սակայն, աւելի սարսափելին, առաւել եւս շշմեցուցիչը եւ անհանդուրժելին: Արեւմտեան

Հայաստանը ամբողջապէս հայաթափուեցաւ: Կորսնցուցինք պապենական մեր հողերուն՝

սրբազան մեր հայրենիքին մեծագոյն մասը: Ցեղասպանները մեզմէ կորզելով յափշտակեցին

դարեր շարունակ, տասնեակ սերունդներու քրտինքով ոռոգուած, տքնաջան աշխատանքով

ծաղկեցուցած եւ հերոսական անթիւ խիզախումներով պաշտպանած մեր երկիրը, ուր կը հանգչին

մեր պապերուն սուրբ աճիւնները:

Մեզմէ խլեցին մեր հո՛ղը՝ անփոխարինելին, կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը ազգութեան,

պետութեան եւ քաղաքակրթութեան:

Թրքական պետութիւնը, ցարդ, ո՛չ միայն սնապարծօրէն կ’ուրանայ Հայկական

Ցեղասպանութիւնը, այլ՝ տառացիօրէն ամէն միջոցի կը դիմէ աղճատել փորձելով պատմութիւնն

ու ճշմարտութիւնները, զանոնք արտառոց կերպով նենգափոխելով:

Միաժամանակ, բարբարոս յանցագործի ծանօթ իր մոլուցքով, համակարգ

կազմակերպուածութեամբ, հիմնայատակ կերպով կը կործանէ հայկական բռնագրաւուած հողերու

ամբողջ տարածքին գտնուող պատմական եւ թանկարժէք մշակութային մեր բազմաթիւ

յուշարձաններն ու կոթողները:

Խունկի եւ աղօթքի օր է այսօր: Ազգովին կ'ոգեկոչենք Ցեղասպանութեամբ մարտիրոսացած մեր

բոլոր նահատակներուն նուիրական եւ անմոռաց յիշատակը:

Առաւելաբար, սակայն, պահանջատիրութեան վերանորոգ ուխտի՛ օր է այսօր:

Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, իւրաքանչիւրիս պարտքն է թարմացած

կորովով, կիրքով եւ վճռականութեամբ նո՛ր զարթօնք շնորհել ազգային մեր գիտակցութեան եւ

զգացումներուն, որպէսզի նոր թափով շարունակենք պահանջատիրութեան նուիրական,

անզիջում եւ անընկճելի մեր պայքարը, հաւաքաբար նուաճելու համար մեր Մեծ Երազին

ամբողջական իրականացումը:

Նիկոսիա, Կիպրոս

Page 4: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 5: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 6: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian
Page 7: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian
Page 8: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian
Page 9: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian
Page 10: Khoungi, aghotki yev bahanchadiroutyan oukhdi or by assadour devledian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]