Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

13
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Համաշխարհայնացումը՝ Ազգային-Մշակութային Ինքութեան Վերացո՞ւմ, Թէ՞ Վերանորոգում ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ (Երաժիշտ, հրապարակախօս, բժիշկ) Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Համաշխարհայնացումը, ըստ Ուիքիփետիայի, կը կատարուի տեսակէտներու միջազգային-համաշխարհային ամբողջացումով, որ արդիւնք է աշխարհի տարբեր տեսակէտներու՝ արտադրողական, գաղափարախօսական եւ մշակութային արժէքներու փոխանակման։ Պարզ բացատրութեամբ, համաշխարհայնացումը այն քայլն է, որ կþարագացնէ եւ կþաւելցնէ համաշխարհային եւ միջպետական ազգային եւ մշակութային արժէքներու փոխանակումներու գործ- ընթացը։ Տեղեկատուութեան յառաջխաղացքը՝ ճանապարհորդու- թեան արագացում, ելեկտրոնային հաղոր դակցութեան գերզարգացում, ներառեալ համացանցը, գլխաւոր տուեալներն են համաշխարհայնացման։ Վերջինը կþարտադրէ երկիրներու եւ հաւաքականութիւններու միջեւ կախեալ ըլլալու վիճակները՝ տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառ- ներուն մէջ։ Թէեւ համաշխարհայնացումը սկսաւ թափ առնել 1990 թուականներէն սկսեալ, սակայն պէտք է նայիլ պատմու- թեան, երբ եւրոպական ցամաքամասէն հետազօտողներ սկսան գտնել նոր աշխարհներ՝ միջին դարերէն սկսեալ։ 20-րդ դարուն սակայն համաշխարհայնացումը սկսաւ ստանալ արագ եւ ուժգին թափ։ Երկրորդ հազարամեակին՝ 2000 թուականին, Միջազգային տնտեսական-դրամա- տնային ֆոնտը կրցաւ որակել չորս տեսակի համաշ- խարհայնացման գործօններ՝ տնտեսական եւ վաճառա- կանական, ֆինանսական ներդրումներու, ժողովուրդներու տեղաշարժներ՝ տարբեր պատճառներով, տեղեկատուու- թեան ընդհանրացում եւ սերմանում։

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

Page 1: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Համաշխարհայնացումը՝ Ազգային-Մշակութային

Ինքութեան Վերացո՞ւմ, Թէ՞ Վերանորոգում ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

(Երաժիշտ, հրապարակախօս, բժիշկ)

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Համաշխարհայնացումը, ըստ Ուիքիփետիայի, կը կատարուի

տեսակէտներու միջազգային-համաշխարհային ամբողջացումով, որ

արդիւնք է աշխարհի տարբեր տեսակէտներու՝ արտադրողական,

գաղափարախօսական եւ մշակութային արժէքներու փոխանակման։

Պարզ բացատրութեամբ, համաշխարհայնացումը այն քայլն է, որ

կþարագացնէ եւ կþաւելցնէ համաշխարհային եւ միջպետական

ազգային եւ մշակութային արժէքներու փոխանակումներու գործ-

ընթացը։ Տեղեկատուութեան յառաջխաղացքը՝ ճանապարհորդու-

թեան արագացում, ելեկտրոնային հաղոր դակցութեան

գերզարգացում, ներառեալ համացանցը, գլխաւոր տուեալներն են

համաշխարհայնացման։ Վերջինը կþարտադրէ երկիրներու եւ

հաւաքականութիւններու միջեւ կախեալ ըլլալու վիճակները՝

տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ։

հաւաքականութիւններու միջեւ կախեալ ըլլալու

վիճակները՝ տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառ-

ներուն մէջ։

Թէեւ համաշխարհայնացումը սկսաւ թափ առնել 1990

թուականներէն սկսեալ, սակայն պէտք է նայիլ պատմու-

թեան, երբ եւրոպական ցամաքամասէն հետազօտողներ

սկսան գտնել նոր աշխարհներ՝ միջին դարերէն սկսեալ։

20-րդ դարուն սակայն համաշխարհայնացումը սկսաւ

ստանալ արագ եւ ուժգին թափ։ Երկրորդ հազարամեակին՝

2000 թուականին, Միջազգային տնտեսական-դրամա-

տնային ֆոնտը կրցաւ որակել չորս տեսակի համաշ-

խարհայնացման գործօններ՝ տնտեսական եւ վաճառա-

կանական, ֆինանսական ներդրումներու, ժողովուրդներու

տեղաշարժներ՝ տարբեր պատճառներով, տեղեկատուու-

թեան ընդհանրացում եւ սերմանում։

Page 2: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Ներկայ ժամանակներուն մեծ մարտահրաւէր մըն է

կլիմայի փոփոխութիւնը՝ միջպետական ու

միջազգային ջուրերու եւ օդի ապականումը եւ

ովկիանոսներու տարածքներու յաւելեալ

գործածութիւնը։ Այս բոլորը նաեւ գործօն

տուեալներ են, որոնք կþազդեն

համաշխարհայնացման արագընթաց զարգացման

վրայ։ Համաշխարհայնացման գործընթացը իր

նկարագրային դրոշմը կը դնէ տնտեսական-

աշխատանքային գործարարքներու վրայ՝

տնտեսական եւ ընկերամշակութային նկարագիրի

կերտման, ինչպէս նաեւ բնութեան եւ շրջապատի

զարգացման։

Աստուածաբան Ալեքսանտր Շուայթցըր

համաշխարհայնացած աշխարհը կը նկարագրէ

որպէս «սահմաններու չքացում, ինչ որ կþենթադրէ

անհատին ու անոր անհատականութեան

ապահովութեան եւ հեղինակութեան նուազում եւ

անհետացում։ Շուայթցըր կը շարունակէ՝

մատնանշելով, թէ համաշխարհայնացած աշխարհը

եւ իր բոլոր գործօնները իրենց ազդեցութիւնը

ունեցած են հաւաքականութիւններու կրօնական,

տնտեսական եւ ընկերային կեանքերուն վրայ՝

աշխարհով մէկտեղ։

Ընկերաբան Ռիչըրտ Էրիքսըն կը հաւատայ, թէ

ներկայ մարդկային աշխարհը շատ աւելի լաւ եւ

իրարու մէջ միաձուլուած է, քան պատմութեան

ընթացքին որեւէ ժամանակ։ Այս իմաստով

աշխարհը շատ աւելի արագօրէն կը վերածուի եւ

կþամփոփուի մէկ տեղի մէջ։

Համաշխարհայնացումը ընթացք մըն է, որ իր

ազդեցութիւնը կþունենայ մարդկային կեանքին

Ռիչըրտ Էրիքսըն

վրայ՝ քիչ մը ամէն տեղ։ Էրիքսըն կը նկարագրէ այս իրավիճակը՝ համաշխարհայնացումը,

դիտել տալով, որ բոլոր ընկերա-մշակութային գործօնները կþօժանդակեն, որպէսզի

տարածաշրջանային հեռաւորութիւնները նուազագոյնի հասնին, կամ, այլ խօսքով՝

անկարեւոր դառնան։

Ալեքսանտր Շուայթցըր

Page 3: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 3

Այս իրավիճակը ունի իր դրական եւ բացասական կողմերը։ Եթէ մարդիկ տարբեր

շրջաններու եւ երկիրներու մէջ ապրելով հանդերձ պիտի կրնան վայելել տարբեր

պատեհութիւններ եւ առիթներ, բայց եւ այնպէս նաեւ վտանգները եւ սպառնալիքները

պիտի բաժնուին աշխարհին եւ իրարու մէջ։ Որեւէ երկրի քաղաքական, տնտեսական,

կենսոլորտային ու այլ իրավիճակները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ուրիշ

տեղեր՝ անցնելով անմիջական սահմանները։ Սնունդ, ապրելակերպ, երաժշտութիւն,

ծանուցում, համաշխարհային գրականութիւն ու տակաւին բոլոր իրավիճակները կը

զգետնեն ու կþանցնին սահմանային բաժանումներու իրողականութիւններէն...

Եթէ համաշխարհայնացումը կը նկարագրուի առաւելաբար իբրեւ ճարտարարւեստական

եւ տնտեսական գործընթաց, բայց պէտք է նկատի առնել նաեւ այլ գործօններու

ներգրաւուածութիւնը։ Մարդկային իրաւանց հարցը, օրինակի համար, 20-րդ դարու

երկրորդ կէսէն սկսեալ ընդհանրացաւ ամէնէն զարգացած Արեւմտեան

քաղաքակրթութիւններու մէջ՝ հասնելով մինչեւ աղքատ եւ երրորդ աշխարհի հեռաւոր

գիւղերու մէջ ապրող գիւղացիին...։

Շուայթցըր կը շարունակէ իր վերլուծումը՝ շեշտելով համաշխարհայնացման ստեղծած«

փոփոխութեան եւ անոր որպէս արդիւնք՝ «երկուութեան իրողականութիւնը։ Ան կþըսէ, թէ

ինքնութեան կորսուածութիւնը քաջալերեց մարդկութիւնը, որպէսզի փնտռէ իր անձը եւ

իր հաւաքականութիւնը։ Համաշխարհայինը ամբողջացած է տեղականով եւ անհատով,

կþըսէ Շուայթցըր։ Եթէ մէկ կողմէ կայ անապահովութեան զգացումը եւ վտանգը, միւս

կողմէ կայ տրամադրուածութիւնը հասնելու «նպատակին՝ մարդկային կեանքի

նշանակութեան եւ արժէքին։ Տակաւին՝ հեղինակութեան կորուստն ու չքացումը ճամբայ

բացին ծայրայեղական շարժումներու՝ ըլլայ այդ կրօնական, ազգային եւ ցեղային

իմաստով։ Խրուաթիոյ եւ Սերպիոյ պատերազմները, սկովտիական անջատումի

փորձերը՝ 1990 թուականներուն, Ֆրանսայի մէջ ներգաղթի օրէնքներու դէմ պայքարը,

Աֆղանիստանի մէջ թալէպանական շարժումը, Հնդկաստանի մէջ հինտու

ազգայնամոլական շարժումները, իսլամաց(ած)ուած հայերու իրենց ինքնութեան

վերադառնալու տենչը։ Եւ տակաւին շատ մը ափրիկեան երկիրներու մէջ ականատես

կþըլլանք զօրաւոր ցեղային «զարթնումներու՝ իրենց քաղաքական իրավիճակներուն մէջ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ կան բազմաթիւ փոքրամասնութիւններ, որոնք կը

պահանջեն իրենց մշակութային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։ Տակաւին կայ

քաղաքական-քաղաքականացած իսլամութիւնը, որ նաեւ սկսած է զօրաւոր կերպով թափ

առնել ներկայ աշխարհին մէջ՝ ներառեալ Միջին Արեւելքի...

Ներկայ օրերու այս քաղաքական-քաղաքացիական իրավիճակը, որ դժուար է սահմանել

անցեալի «աջի եւ «ձախի հասկացողութիւններով, մեկնաբանուած է տարբեր

տեսութիւններով՝ շատ մը գիտնականներու եւ տեղեկատուութեան մարզի մէջ

Page 4: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

հետազօտողներու կողմէ։ Էրիքսըն այս իմաստով կը փորձէ

սահմանել քաղաքական ինքնութեան մտածողութիւնը, որ կը

յայտնուի տարբեր երեւոյթներու մէջէն։ Եթէ մէկ կողմէ կան

անջատողական-ազգայնական շարժումները, նաեւ կան

փոքրամասնութիւններն ու անոնց իրաւազրկուած

իրավիճակները։ Այս քաղաքական մտածողութեան

տարբերակները կարելի է ընդլայնել տակաւին։

Մենատիրական ձգտումները՝ երկիրներու մէջ տիրելու եւ

պահելու բնական հարստութիւնները, քրքրած են կրօնական,

միջազգային, բայց նաեւ շրջանային իրավիճակները։ Շատ մը

ընկերաբաններ-գիտնականներ կը փորձեն տեսնել

քաղաքական ինքնութիւնը՝ որպէս հակազդեցութիւն ներկայ

օրերու համաշխարհայնացման յառաջացուցած

ազատութեան եւ անհատականութեան միտումներու,

ուրիշներ՝ որպէս տկարին պաշտպանութիւնը օտար

թափանցումներէն, նաեւ նկատի կþառնուին հոգեբանական

գործօնները, ուր կը նկատ-ւին վերադարձի փորձեր՝

պահելու համար ինքնութիւնը եւ արմատները այս հսկայ

փոփոխութիւններու տարափին մէջ...։ Կան նաեւ

մտածողներ, որոնք այս գործընթացին մէջ կը տեսնեն

իսկական ծնունդը ընկերվարութեան։

Այս բոլոր վերլուծումները իրաւական ենթահող ունենալով

հանդերձ՝ բաւական դժուար է իրավիճակը բացատրել եւ

ներկայացնել մէկ պարունակի մէջ։ Յստակ սկսած է դառնալ

այն, որ եթէ մէկ կողմէ համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ

միացնող ուժը, միւս կողմէ նոյն այս ուժը նաեւ քաղաքական

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 4

ինքնութեան ձգտումները կը տարանջատէ...։ Նոյն իրավիճակին հակադիր երկու երեսներն

են...։

Ռոլանտ Ռոպըրթսըն՝ ընկերաբան եւ համաշխարհայնացման տեսաբան, կը հաստատէ, որ

համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ տեղակայնացման ենթահողը, եւ աշխարհագրական եւ

սահմանագծուած երկիրներու մէջ մէջտեղ կու գան ազգային եւ անջատողական

ինքնութիւններ, որոնք կը գիտակցին իրենց լեզուին, մշակոյթին, կրօնին-հաւատքին ու

տակաւին ցեղային ինքնապահպանման եւ ապահովութեան կանոններուն։ Ռոպըրթսըն այս

իրողական վիճակները կը բնորոշէ իբրեւ քաղաքական ինքնութեան ապահովութիւն մը՝

Ռոլանտ Ռոպըրթսըն

Պիլ Միշել

Page 5: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

համաշխարհայնացած կարգավիճակին մէջ ստեղծուած։ Լեռնային Ղարաբաղի, քրտական

հարցը ու տակաւին Կիպրոսի թրքական բաժնի իրավիճակները իւրաքանչիւրը ինքն իր

պարունակին մէջ իրական վկայութիւնն է այս տեսութեան։ Քաղաքական այս ինքնութիւնը՝

տեղական-համաշխարհայնացած հակադիր իրականութեան մէջ, կը յառաջացնէ

«մրցակցութեան իրավիճակը, որ կը դառնայ մղիչ ուժը հաւաքական ինքնութեան

հասկացողութեամբ, այս ոչ միայն տնտեսական եւ քաղաքական առումով, այլ նաեւ

ճանաչումի եւ ինքնաճանաչումի եւ այլ գործօններու մէջ։ Ու տակաւին, այս

մրցակցութենէն մեկնելով յառաջ կու գան տարբերութիւններու իրավիճակները

հաւաքական կեանքին մէջ։ Տարբերութիւններ, որոնք եթէ մէկ կողմէ կը բախին իրարու (ոչ

անպայմանօրէն ֆիզիքական առճակատումով), բայց նաեւ կը մղեն ամրապնդելու

ինքնութեան հասկացողութիւնը։ Եւ նաեւ՝ նոյն այս ինքնութեան հասկացողութիւնը եւ

կերտումը կը ստեղծէ նոյն «խմբակին մէջ ըլլալու եւ ապրելու կենցաղը՝ որպէս իւրայատուկ

եւ նոյնանման նկարագիր եւ ապրելակերպ։ Այս նկարագիրը եւ ապրելակերպը, եթէ մէկ

կողմէ կþապրեցնէ անցեալի ցաւը եւ անարդարութիւնը՝ բայց նաեւ կþօգնէ, որպէսզի

անհատը կամրջուի իր պատմութեան հետ։ Անհատը եւ իր փորձառութիւնը կը կապուին իր

հաւաքականութեան պատմութեան եւ փորձառութեան հետ՝ ու« ես-ը կը փոխակերպուի«

մեր-ի եւ« մենք-ի։

Տնտեսագէտ Պիլ Միշել կը հաստատէ, որ նոր ճարտարարուեստը եթէ խոստացաւ

հարստութիւն, լաւորակ եւ ապահով կեանք, բայց չամբողջացան այդ բոլորը աշխարհի 6,5

միլիառ ժողովուրդի մեծամասնութեան համար, որ այսօր կը տառապին

անբաւարարութենէ եւ չգոյութենէ։ Ան կþըսէ, թէ՝« ճարտարարուեստը փոխանակ

յառաջացնելու մարդկային կեանքը, փոխակերպեց մարդը անմարդկային տուեալներով։

Բայց միեւնոյն ժամանակ նոյն այս ճարտարարուեստը ստեղծեց եւ արտադրեց իրարու

կապուած եւ իրարու շաղկապուած աշխարհ մը, որ նաեւ եղաւ մղիչ ուժը

համաշխարհայնացմանը։

Իրականութիւն է, թէ ներկայ օրերու երիտասարդին համար այս ճարտարարուեստը եղած

է հաղորդակցութեան ընդունելի միջոց։

Տեղեկատուութիւնը՝ համացանցին վրայ, ստեղծած է նոր հաւաքականութիւններ, որոնք

նոյն ձեւով կը հաղորդակցին իրարու հետ։ Այս համաշխարհայնացած երիտասարդական

մշակոյթը նաեւ մէկ լաւագոյն միջոցն է նոր սերունդին համար գտնելու-վերագտնելու իր

ինքնութիւնը՝ ազգային եւ հոգեկան իմաստով։ Ի զուր չէ, որ փիլիսոփայութեան մասնագէտ՝

Մարթին Պարպերօ ներկայ տեղեկատուութիւնը կը նկատէ այնտեղը, ուր ներկայ օրերու

մշակոյթը կþարմատանայ իր հոգեկան գիտակցութեամբ եւ ազգային հպարտութեամբ։

Հոս արժէ ընդգծել անձնական-ընտանեկան ապրուած փորձառութիւն մը։ Տղաս, որ 20

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 5

Page 6: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

տարեկան երիտասարդական հանգրուանի սեմին հայ մըն

է, ընկերային հաւաքոյթի մը ընթացքին ծանօթացած է

ֆրանսահայ տարեկից երիտասարդի մը, որ միայն գիտէ, թէ

հայ է՝ առանց հայերէն կարենալ խօսելու։ Երիտասարդը

ցաւ յայտնած է տղուս, թէ իր ծնողքը զինք հայ չեն

մեծցուցած։

Եթէ ֆրանսահայ երիտասարդին համար հայերէն լեզուն եւ

ինքնութիւնը անդրադարձ մըն էր իր կեանքի էութեանը,

բայց նոյնքան նաեւ տղուս համար վերահաստատում մըն

էր իր այն անհրաժեշտութեան, որ ինքնութեան վրայ հիմնէ

իր կեանքի առաջադրանքները։

Էրիքսըն ունի բացատրութիւնը այս երեւոյթին։

Քաղաքական-ազգային ինքնութեան հասկացողութիւնը

յաճախ առնչուած է« հին աւանդէ վերապրած իրականու-

թեան հետ՝ կրօնական, ցեղային եւ կամ տեղական

կապուածութեան հասկացողութիւններու մէջէն։

Էրիքսըն կþըսէ, թէ այս երեւոյթին դիմաց յաճախ

քննարկուած է՝ իրաւացիօրէն եւ ճշգրտապէս, թէ

ինչքան որ քաղաքական-ազգային ինքնութիւնը ունի

«աւանդական պիտակ (իմմա՝ երեւցող մասը), բայց

նաեւ կայ չերեւցող մասը, որ «այժմէականութեա հետ

առնչուած է ու անոր արդիւնքն է։ Այն բոլոր զօրաւոր

զգացումները, որոնք առնչուած են սովորութիւններու

հետ՝ մշակոյթ, կրօն թէ այլ, զօրաշարժի կþենթարկուին

երբ մարդիկ կþանդրադառնան, թէ այդ բոլորը

պաշարումի եւ կորսուելու վիճակի մէջ են...։ Ձուկը

ջուրին մէջ չþանդրադառնար ջուրին արժէքին։ Երբ

ջուրէն դուրս է՝ կը զգայ անոր անհրաժեշտութիւնը։

Էրիքսըն կþեզրակացնէ, թէ քաղաքական ինքնութիւնը

հասարակաց զգացում է, եթէ մէկ կողմէ աւանդական,

Արամ Ա. Կաթողիկոս

բայց նաեւ այժմէական։ Այս համաշխարհայանացած աշխարհին մէջ եթէ կայ զայն (իմմա

քաղաքական-ազգային ինքնութիւնը) կորսնցնելու փորձառութիւնը, բայց նաեւ առկայ է

գիտակցութիւնը զայն պահելու։ Որովհետեւ մարդը կþուզէ գտնել-վերագտնել իր

ապահովութիւնը։ Եւ այստեղէն պէտք է փորձել հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ցեղային

ազգայնականութիւնը, փոքրամասնական շարժումները, քաղաքական կրօնները (ինչպէս՝

քաղաքական իսլամութիւնը) կու տան ապահովութիւն՝ ինքնագիտակցութեան եւ ինքնութեան

Մարթին Պարպերօ

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 6

Page 7: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

արժէքին նկատմամբ՝ եւ ինչ որ կրնայ առկայ մնալ աշխարհի շատ մը շրջաններու մէջ՝

մինչեւ որ աւելի լաւ շարժում մը յառաջ գայ...։

Ինչպէ՞ս այս բոլոր տեսադաշտերը եւ տեսանկիւնները պէտք է վերանայիլ հայկական

պրիսմակէն... Համաշխարհայնացման այս հսկայ սպառնալիքին մէջ եւ դէմ յանդիման ու

տեղեկատուութեան աշխարհի յառաջխաղացքի հեւքին մէջ, ուր երիտասարդական

մշակոյթին հետ շատ դժուար կþըլլայ քայլ պահել՝ հայ նոր սերունդին ազգային-մշակութային,

լեզուական ու քրիստոնէական ինքնութիւնը պահելու հրամայականովը...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընդգծումը յստակ է եւ ուսանելի։

«Համաշխարհայնացման հետ բանակցութիւնները թէ խոստումնալից են, եւ միեւնոյն

ժամանակ վտանգաւոր։ Եթէ մէկ կողմէ կրնայ (համաշխարհայնացումը) ձեւազեղծել եւ

կերպարանափոխել՝ միեւնոյն ժամանակ հարստացնել։ Եթէ համաշխարհայնացման

իրավիճակին հետ մեր կապակցութիւնը եւ առնչուածութիւնը ընենք խորունկ

ինքնագիտակցութեամբ, թէ մենք ով ենք որպէս հայեր՝ այս մէկը կրնայ հարստացնել մեր

մշակոյթը եւ զայն վերածել աւելի ստեղծագործի եւ ուժականի։ Ճիշդ յարաբերութիւնը

համաշխարհայնացումի հետ պիտի մղէ մեր մշակոյթը որպէսզի վերանորոգէ ինքզինք։ Եւ

վերանորոգուած մշակոյթը, եւ ինքնութիւնը պիտի քաջալերեն հայը, որպէսզի աւելի լաւ

շաղկապուի ուրիշ մշակոյթներու հետ։ Մշակոյթ մը, որ չի վերանորոգեր ինքզինք՝

դատապարտուած է մահուան։ Եւ նոյնքան նաեւ՝ ժողովուրդ մը, որ հաւատարիմ չի մնար իր

մշակոյթին՝ պիտի անհետանայ պատմութեան սլացքէն...։

Համաշխարհայնացումը իրավիճակ մըն է, որմէ կարելի չէ խուսափիլ, ո՛չ ալ կարելի է

անտեսել զայն։ Ներկայ աշխարհի դրուածքն է ասիկա, եւ հայը նոյնպէս կոչուած է քայլ

պահելու ժամանակին հետ։ Այս իմաստով արժէ համաշխարհայնացման նայիլ մէկ կողմէ

զգուշաւորութեամբ, բայց նաեւ «օգտուելու տրամադրութեամբ՝ որ կրնայ հայը «հարստացնել։

Տեղեկատուութեան ստեղծած ներկայ օրերու Համաշխարհայնացած երիտասարդական

մշակոյթը պէտք է օգտագործել՝ հայ երիտասարդին ազգային-քաղաքական «ինքնութիւնը մէկ

կողմէ պահելու, բայց նաեւ շարունակելու եւ զարգացնելու գործընթացով։

Համաշխարհայնացման հասկացողութիւնը պէտք չէ ընկալել որպէս «հրէշային եւ «քանդիչ

երեւոյթ մը միայն՝ ուր ազգային արժէքներ եւ մշակութային ինքնութիւն կը վերանան։

Համաշխարհայնացումը իրականութիւն մըն է այսօրուան աշխարհին համար, որուն հետ«

ճիշդ յարաբերութիւն մը՝ կրնայ վերանորոգել հայը եւ ի մասնաւորի երիտասարդը՝ նաեւ

անոր ազգային-քաղաքական մշակութային ինքնութիւնը։ Եւ վերանորոգուած ինքնութեամբ է,

որ հայը պիտի կրնայ նայիլ վաղուան։

Նիկոսիա, Կիպրոս

www.facebook.com/RAGmamoul

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 38 էջ 7

Page 8: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 9: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 10: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian
Page 11: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian
Page 12: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian
Page 13: Hamashkharhaynatsoum ue azkayin mshagoutayin inknoutyan veratsoum, te veranorokoum by hrayr jebejian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]